2016-12-13 09:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին` Լատին Ամերիկայի նուիրուած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 12 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­ Սուրբ Պետրոսի մայր Տաճարին մէջ, գլխաւորեց Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ,  Լատին Ամերիկայի նուիրուած Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց ''Երանի անոր, որ հաւատաց''(Ղուկ Ա. 45), Ղուկասի Աւետարանէն առնուած խօսքերուն վրայ։

Ղուկաս Աւետարանիչ կը պատմէ Աստուածածնի եւ Եղիսաբեթի հանդիպումին մասին։ Եղիսաբեթ մեծ հրճուանքով կʼընդունի Մարիամը, եւ արգանդին մէջ կը խայտայ մանուկը՝ երբ կը զգայ Աստուածածնի եւ Տիրոջ ներկայութիւնը։ Ահա այս է Աստուծոյ այցելութեան արդիւնքը, նկատեց Սրբազան Պապը։

Երբ Աստուած մեզի կը հանդիպի, յառաջ կը բերէ շարժում մը մեր ներսը, մեր կեանքը կը վերածէ փառաբանութեան եւ օրհնանքի։ Աստուծոյ տուած այցելութիւնը մեզ հանգիստ չի թողուր, «սուրբ անհանգստութեամբ» մեզ կը մղէ աւետարանելու Տէրը։

Այսպէս էր նաեւ պարագան 1531 թուականին, ուր Աստուածածինը հանդիպեցաւ Սուրբ Խուան Տիեկոյի, Թեփեյաքի մէջ։ Մարիամ՝ աշակերտի տիպարն է, հաւատացող եւ աղօթքով կինը, որ կʼընկերանայ մեզի եւ կը քաջալերէ մեր հաւատքը եւ մեր յոյսը կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։ Պէտք է սորվինք Մարիամի զօրեղ եւ ծառայասէր հաւատքի օրինակէն։

Այն հաւատքը՝ որ կը թափանցէ պատմութեան հոլովոյթէն ներս՝ ըլլալու աղ եւ լոյս մեր կեանքին եւ ընկերութեան մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու անդրադարձաւ ընկերութեան զանազան դժուարութիւններուն, չարաշահումի եւ բռնութեան, որոնց հետեւանքով շատեր, եւ յատկապէս մանուկներ եւ երիտասարդներ կը տառապին։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւոր կերպով յիշեց Ամերիկայի ցամաքամասի դժուարութիւնները ապա հաստատեց ''Այս բոլոր պարագաներուն դիմաց, պէտք է Եղիսաբեթի հետ կրկնենք՝ «Երանի անոր, որ հաւատաց»։

Ֆրանչիսկոս Պապ բացատրեց, թէ կատարել Աստուածածնի տօնը, կը նշանակէ յիշել մայրը, յիշել՝ թէ որբ ժողովուրդ չենք, այլ Մայր մը ունինք. եւ ուր մայրը ներկայ է՝ հոն միշտ տան բոյրը կայ. հոն թէեւ պայքար կայ եղբայրներու միջեւ՝ սակայն միութեան հոգին միշտ կը յաղթանակէ։ Մարիամ, հաւատաց. անոր համար սիրեց։ Որովհետեւ Տիրոջ աղախինն է՝ անոր համար նաեւ եղբայրներուն կը ծառայէ։

Մարիամի օրինակով, մենք ալ չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր եղբայրներու դժուարութիւններուն եւ կարիքներուն հանդէպ։ Չվախնանք ուրիշները տեսնել Մարիամի հայեացքով։ Անոր հայեացքը մեզի կը յիշեցնէ՝ թէ բոլորս եղբայրներ ենք։ Անվախ ըլլանք, որովհետեւ, ինչպէս Սուրբ Խուան Տիեկօ, գիտենք, որ մայր մը ունինք. գիտենք, թէ Անոր հովանիին եւ պաշտպանութեան տակ եւ անոր թեւերուն մէջ ենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.